ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ․- «Սան Ֆրանսիսքօ Քրոնիքըլ» թերթը կը հաղորդէ, թէ քաղաքին ոստիկանութիւնը իբրեւ ատելութեան ոճիրներ կը հետապնդէ Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական թիրախներու վրայ կատարուած երեք յարձակումները։ Ազգային եւ կրօնական հիման վրայ կատառուած ատելութեան ոճիրներու պատասպանատունեռր աւելի խիստ պատիժներու կ՛ենթարկուին։
Վերջին երկու ամիսներուն, Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին վրայ երկու յարձակումներուն կողքին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գրասենեակներու շէնքին մէջ կատարուած էր հրձիգութիւն։
Ոստիկանութիւնը եւ համայնքը արդէն իսկ ապահովական միջոցառումի դիմած են եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ համայնքին, որ նշեալ յարձակումներուն կամ այլ սպառնալիքներու մասին տեղեկութիւններ անյապաղ փոխանցեն antiarmenianhatecrimes@gmail.com հասցէին կամ (415) 662-8555 թիւին, նպաստելու համար տարուող հետախուզութիւններուն։