ԳՐԻԳՈՐ ԶՈՀՐԱՊ ԱՆՏՈՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ հոգեբանական բաժինի տնօրէնութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ Շրջանային վարչութեան նախկին անդամներէն Հուրիկ Այնթապլեանին, զաւակնեուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԳՐԳԻԳՈՐ ԶՈՀՐԱՊ ԱՆՏՈՆԵԱՆի՝ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամին (1978-1980,1982-1986) եւ 1992ի՝ 17րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու Տիպար ՀՄԸՄականին, մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը ու իր բոլոր մասնաճիւղերը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն` Հուրիկին, Ծովիկին, Մուշիկին եւ Արամին, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։