ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 20 Սեպտեմբերին, կ․ա․ ժամը 4ին տեղի պիտի ունենայ Լիբանան հասած հայ գաղթականներուն երկու կարեւոր կեդրոններուն՝ «Թռչնոց Բոյն»ին եւ Սանճաք քեմփին նուիրուած առցանց ներկայացում մը։
Քննարկումը պիտի առաջնորդէ ուսումնասիրող Միսաք Քելեշեան։
Ներկայացման հետեւելու համար այցելել https://us02web.zoom.us/webinar/register/WN_ken-Bd8iSPKmd5-F4JWw1A կամ https://www.youtube.com/c/ArmenianStudies կայքէջերը։