ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ինչո՞ւ Պետրոս Դուրեանը ուզեց «լուռ մենանալ», Մատթէոս Զարիֆեանի երազները դեղնեցան «վիշտի մը լուռ համբոյրէն», եւ Վահան Թէքէեանը մնաց բաց ծովուն մէջ՝ «անհունութեան դէմ լուռ հորիզոնին»: Ըստ հայ բանաստեղծին, լուռ են ժպիտները հայուն, սրտի խօսքերը լուռ, ցաւերը լուռ: Լուռ են հայու սուգը, արտասուքը, շրթունքը…: Նոյնիսկ լուռ են հայրենի ուռիները, նոճիները, բարտիները: Միթէ՞ պատճառը «լուռ» բառն է: Այսօր, յարգելի ընթերցող, զրուցենք «լուռ» բառի մասին ու փորձենք հասկնալ, թէ մենք ինչո’ւ ենք այսպէս:
Բնիկ հայկական է «լուռ» ածականը, աճեր է k’leu «լսել» արմատէն: Գրաւոր հայերէնի արշալոյսին զայն լսեցինք հայկական մատենագրութեան մէջ: Ահա այդ օրերէն հասած երկու արձագանգ՝ «Հաւատացէ՛ք յերրորդութիւնն՝ լուռ հաւատով», «Փառաւորէ զաստուած լուռ բերանով»: Ապա «լուռ»ը տարածուեցաւ հայոց լեզուաշխարհին մէջ, դարձաւ՝ լռին, լռիկ, լռութիւն: Օր մը ան ձանձրացաւ լռակեաց նստելէն, ուզեց զրուցակից մը ունենալ: Բարդացաւ: Ծնունդ տուաւ երազկոտ ածականներու. աստղալուռ, ահեղալուռ, յաւերժալուռ:
Իր երկհազարամեայ լռութեան մէջ բառը իմաստի նրբութիւններ ստացաւ: Ամէն լռութիւն ունէր իր խորհրդաւոր պատճառը «Սիրահարները լուռ իրարու նայեցան», անխօս կերպով, «Լուռ ու հանգիստ կին է», շատ չխօսող, «Վիշտը լուռ կը կրծէ սիրտը», չդրսեւորուող, «Բարտիները կանգնած են լուռ», անշարժ, անշշուկ, «Լուռ պայքար կայ երկուքին մէջ», առանց ըսելու հասկացուող, կատարուող, «Ան լուռ կ’ընդունի ամէն վիրաւորանք ու նեղութիւն», անտրտունջ: Մեր նախնիները իմաստի նոր շերտեր աւելցուցին անոր: Գրաբար հայերէնին մէջ «Լուռ լինել ի թշնամութենէ» կը նշանակէր թշնամութիւնը դադրեցնել, իսկ «Լուռ լինել յաստիճանէ»՝ պաշտօնանկ ըլլալ: Գրաբարախօս մեր նախնիները ունէին պատկերալից արտայայտութիւններ. «Լուռ բերանով», «Լուռ հաւատք», «Լուռ լե՛ր», «Լուռ լուռ, լուռ մուռ»՝ լռելեայն կերպով: Հին Հայաստանի մանկական դաստիարակութիւնը ունէր իր կարգախօսը. «Զմանկունս լուռ լուռ ուսուցանել», քանզի առաքինութիւն էր լռութիւնը: Իսկ երբ «անպիտան» էր խօսքը, «անբան» էր միտքը, միջնադարու իմաստուն հայրերը խրատեցին լուռ մնալ. «Լուռ կա՛ց եւ լե՛ր ափ ի բերան, / Բանքդ որ խօսիս` է անպիտան»: Այս խորհուրդը մեզի աւանդեց 1380-1454 թուականներուն ապրած տաղերգու, երաժիշտ, հասարակական եւ եկեղեցական գործիչ Առաքել Բաղիշեցին: Դար մը յետոյ, Մելքիսեդեկ եպիսկոպոսը գրեց, թէ մարդը եթէ չէ Սողոմոն, Պղատոն կամ Սոկրատ՝ պէտք է, որ «Սաստեն նմա, թէ` Լուռ կացիր, ո’վ անբան»: Այդ դարերուն հայ կինն էր լուռ: Ռաֆֆին այդ երեւոյթը բացատրեց հետեւեալ ձեւով. «Նրա համար, որ եթէ նրանից պահանջում էին հնազանդութիւն, պահանջում էին լուռ լինել, դա գլխաւորապէս այն նպատակով էր, որ պահպանուի ընտանիքի ներդաշնակութիւնը, որ բաղկացած էր շատ անդամներից»: Վիպագիրը ապա վերլուծեց հայ կնոջ ներաշխարհը. «Դժուար կարելի է գտնել մի կին, որ իր զգացմունքը, թէ՛ սէրը, թէ՛ տխրութիւնը եւ թէ բարկութիւնը, կարողանար արտայայտել լեզուով: Այսպիսի դէպքերում… լուռ արտասուքը լինում է նրա սրտի թարգմանը»: Ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեանը նոյն օրերուն նկարագրեց Ջաւախքի հարսանեկան մէկ սովորութիւն. «Երէցկինը, Աստուած սուրբ պսակին արժանացնէ, բաղդաւոր ըլլին, ասում ու մաղում է ալիւրը բոլորովին լուռ, որ հարսը համաւոր լինի, շատ չխօսի»։
Լռեց: Մեր երկիրը որ ունէր քրքջացող ջուրեր, երգող դաշտեր, դղրդացող լեռներ՝ լռեց: Ամպեր եկան, մշուշ ու թախիծ պատեց երկիրը: Լռեց կենսուրախ քնարը: «Լուռ» ածականը ապառնի լռութիւններ երգեց: Նախ զարմացանք, թէ ինչո՞ւ Պետրոս Դուրեանն էր լուռ. «Ինծի կ’ըսեն – ինչո՞ւ լուռ ես», ապա տղան հառաչեց. «Ես ուզեցի լուռ մենանալ», «Լուռ փո՛սն էր գերեզմանիս»: Միսաք Մեծարենցը նկարագրեց Պոլսոյ երկնակամարը, «Գիշերն է լուռ, մութը պատած է չորս դին», ապա նայեցաւ Դուրեանի դամբանին, խաղաղութիւն տեսաւ անոր մէջ, «Լուռ, մարմարակերտ դամբանին խորէն, / Հանճարի աչքերն անքոյթ կը նային»: Պոսֆորի ջուրերէն վեր, երկնասլաց նոճիներու լռութեան մէջ Տիրան Չրաքեանը դիտեց յաւերժութիւնը. «Նոճեաց այս լուռ երազն յԱնհունն հառաչուի»: Սեբաստիոյ մէջ Դանիէլ Վարուժանը նկատեց, թէ լուռ են արտերը, «Լուսնակն իջած է մանգաղուած լուռ արտերուն մակերեսին», եւ լուռ էին Անիի ասպետները, «Լուռ կը փտին / Աւերներու տակ հերոսի բազուկներ»: Սեբաստացին ապա սպասեց, որ սէրը գայ. «Հոգիս կառչած մտածումի մը յամառ՝ կը սպասէ գոց պատուհանին ետեւ լուռ … Չեկա՜ւ»:
Հայը, բարոյագիտական նրբութիւն, սէրը վայելեց լռութեան մէջ: Գեղապաշտ բանաստեղծները այդ պատկերը վերածեցին սիրավառ տողերու. «Երկա՜ր, երկա՜ր նայեցան լուռ / Ալիքներուն խելագար, / Յետոյ յանկարծ միացան լո՜ւռ / Համբոյրի մը մէջ երկար», Ռուբէն Սեւակ, «Մազերդ գլխիս իմ հովանեակ, / Ու լուռ, մնջիկ սահին ժամեր», Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, «Ես կը նայիմ ետեւէդ լուռ՝ ժպտադէմ», Լեւոն Քիրիշճեան Լարենց, «Նայիլ ու լուռ նայիլ աչքերուդ մէջ», Զահրատ, «Երկուքն ալ լուռ կեցան պահ մը. չէին կրնար խօսիլ։ Սակայն երկուքին մէջ կը շարժկլտար կեանքը», Համաստեղ: Մատթէոս Զարիֆեանն էր կարծես լռութեան ամէնէն հնչեղ ձայնը: Անոր «լուռ» տողերը կը յաւակնին փոքրիկ հատոր մը կազմել: Թերթեմ անոր էջերը լուռ, քաղեմ երկու ընտիր գոհար. «Հատ-հատ կը թափին այս լուռ ծովափին արցունքներ անտէր», «Լելակի թուփ մը մանրիկ՝ հովին տակ լուռ անրջասոյզ կ’օրօրուի», «Գիշերին մէջ, լուռ, անտես, դիտել հեռո՜ւն, կուռքի պէս», «Նոյեմբեր- թռչուններ, լուռ, կը գաղթեն, սուգն հետերնին», «Իր շրթունքն էր լուռ, սառած», «Վիշտի մը լուռ համբոյրէն երազներս դեղնեցան»: Իսկ հետեւեալը գրի առնուեցաւ հայրենի Կարս քաղաքին մէջ 1911 թուականին. «Քամին ծաղկունանց շուրթերն է դողդոջ շոյում, գուրգուրում / Եւ լուռ մրմնջում»: Այս քաղցրիկ կտորը առաջին բանաստեղծութիւնն է պատանի Եղիշէ Սողոմոնեանին՝ ապագայ Չարենցին: Ժագ Սայապալեանը (Փայլակ) բացատրեց, թէ ի’նչ խորհուրդ կար այս լռութիւններուն մէջ. «Սէրը, պաշտումի վսեմութեան հասնող սէրը լուռ է, որովհետեւ կը վախնայ թէ բառերը պիտի պղծեն զինքը — տկար, պիղծ բառերը, որք երբէք չեն կրնար իր բարձրութիւնը արտայայտել»:
Միշտ չէ որ լռութիւնը ցանկալի է: Այդ պահը երբեմն վշտացած մարդու անխօս պոռթկումն է: Այնպիսի պահ մը պատահեր է Համօ Սահեանին. «Լինում են պահեր, որ քիչ է մնում, / Ամէն ինչ թողնեմ ու լուռ հեռանամ»: Իսկ Վահան Թէքէեանը ամբողջ կեանքի ընթացքին որոներ է սէր, որպէս առագաստանաւ անցեր է կղզիներու մէջէն առանց ոչ մէկուն խարսխելու, հետեւանքը զղջումի խօսքեր են. «Բաց ծովն եմ հիմա՝ անհունութեան դէմ լուռ հորիզոնին, զուր հորիզոնին»:
Հայկական գրատպութեան առաջին «լուռ» գիրքը լոյս տեսաւ 1911ին Պոլսոյ մէջ: Ան Գրիգոր Զոհրապի նորավէպերու ժողովածուն էր՝ «Լուռ ցաւեր»: Ապա լոյս տեսան՝ «Լուռ սրտի խօսքը», «Լուռ ղօղանջներ», «Բարդիները լուռ», «Շիրմաքարի պէս լուռ է երեկոն», «Լուռ պատուհանը», «Լուռ վկաներ- Ուղեւորութիւն՝ Կիլիկիա եւ Արեւմտահայաստան»: Պարոյր Սեւակը 1959 թուականին ձայն տուաւ կարկամած բոլոր հայ վկաներուն, երբ գրի առաւ ղօղանջող մէկ գիրք՝ «Անլռելի զանգակատուն»:
Երգարուեստի մէջ ալ հնչեց «լուռ» միավանկը: «Դու ինչպէս մի աստղ» երգի մէջ լուռ էր զղջումը, «Շողաց մի մոլոր կաթիլ արցունքի: / Սիրտդ լի էր զղջումով մի լուռ», ապա վայելեցինք «Ծաղիկներ, ծաղիկներ»ը, «Ես լուռ փնտրում եմ քեզ, / Փնտրում, տենչում եմ քեզ»: Աւետիք Իսահակեանը նկատեց, թէ լուռ էր իր սիրած ուռենին, «Գետակի վրայ, / Թեքուել է ուռին, / Ու նայում է լուռ, / Վազող ջրերին»: Իսկ Սիլվա Կապուտիկեանը գրի առաւ մախմուր աղջկան մը նկարագրութիւնը՝ մեր հրաժեշտի երգը.
«Մախմուռ աղջիկ,
Քիչ տխուր աղջիկ,
Աչքերդ հազարախօս,
Շուրթդ լուռ աղջիկ»: