ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Երեւան քաղաքի աւագանիին որոշումով, Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ փողոց մը անուանակոչուեցաւ Ուսուպ Բեկ Թեմուրեանի անունով։ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է քաղաքապետի մամլոյ խօսնակ Յակոբ Կարապետեան:
«Եզդի ժողովրդի զաւակ Ուսուբ Բեկ Թեմուրեանը Հայաստանի քաղաքական, հասարակական, ռազմական, ազգային ազատագրական գործիչ է, Առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր», կը գրէ Կարապետեան:
Ասի լաւ որոշում կերեւի: ամմենքնիս պէտք է ծափենք աս լաւ քայլին համար: Ասի ըսել է, որ Երեւանի մէջը, ուրիշ քաղաքներուն մէջն ալ վաղը փողոցներուն անունները պիտի փոխվին եւ Հայաստանի հանրապետութիւնը հիմնողներուն, ֆետայիներուն անունները պիտի դնեն անոնց վրայ: Մէկը կրնա՞յ գիտնալ, որ Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանին, Նիկիլ Աղբալեանին, Ալեքսանտր Խատիսեանին, Դրօին, Համազասպին, Նիկոլ Դումանին, Անդրանիկին, Սերոբ Աղբիւրին եւ միւսներուն անունով փողոց կայ. չիմոռնանք Դանիել Վարուժանին, Գրիգոր Զոհրապին, Արփիար Արփիարեանին եւ Արշակ Չօպանեանին մասին ալ. շատ պորշովիկներու անունները պահեր են, ըսել չէ որ ամմէնն ալ գէշ մարդիկներ էին, բայց խոշոր պարապութիւն մը կայ: