ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Արցախի Հանրապետութեան պարէտ, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Ժիրայր Միրզոյեան ստորագրեց նոր որոշումներ, որոնց համաձայն, հանրապետութիւն մուտքի եւ ելքի սահմանափակումները կը վերցուին:
Արցախէն ելք կատարելու համար պարէտի արտօնութեան կարիք չկայ, վերցուած են նաեւ հանրապետութիւն մուտք գործելու համար, իբրեւ պարտադիր պայման կիրարկուող «Փի.Սի.Ար.»ի պահանջը: Սակայն, սահմանային հսկիչ անցագրային կէտերուն մէջ ծառայութիւն կատարող բժշկական անձնակազմը իւրաքանչիւր քաղաքացիի ջերմութիւնը կը ստուգէ եւ կը կատարէ արտաքին քննութիւն:
«Ելքի եւ մուտքի սահմանափակումների հանման պատճառը վերջին շրջանում Հայաստանի Հանրապետութիւնում արձանագրուած կորոնաւիրուսային հիւանդացութեան կտրուկ անկումն է եւ դրա հետեւանքով ռիսկերի նուազումը: Ելքի եւ մուտքի սահմանափակումների հանմանը զուգահեռ ուժեղացուելու են հանրապետութիւնում հակահամաճարակային կանոնների պահպանման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները», յայտնեց Ժիրայր Միրզոյեան` կոչ ուղղելով ցուցաբերել առաւելագոյն զգօնութիւն եւ խստագոյնս հետեւիլ համաճարակի կասեցման համար սահմանուած կանոններուն: