ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան հանդիպում մը ունեցան նորանշանակ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի հետ:
Հանդիպումէն ետք Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները արդիւնաւէտ էին` հաստատելով, որ իրենք վարչապետին մօտ շօշափած են կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու յոյսը եւ պատրաստակամութիւնը: Ան յայտնեց նաեւ, որ պէտք չէ աճապարել, որպէսզի աւելի ուշ ծուղակներու մէջ իյնալու հարցէն կարելի ըլլայ խուսափիլ:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Հայկական երեսփոխանական խմբակը ամբողջական գործակցութիւն ցուցաբերած է, ինչպէս նաեւ պահանջած փրկութեան կառավարութիւն մը, որ կ՛ըլլայ ներդաշնակ, կ՛ունենայ ատակ նախարարներ, ինչպէս նաեւ կը ստանձնէ պատասխանատուութիւն:
«Մենք նեցուկ կը կանգնինք վարչապետ Ատիպի եւ այս կեցուածքով մենք նեցուկ կանգնած կ՛ըլլանք վնասուած ու տուժած քաղաքացիներուն: Կը գտնուինք այնպիսի փուլի մը մէջ, որուն ընթացքին պէտք է աղէտէն եւ ողբերգութենէն դուրս գալ ու երիտասարդներուն, մեր զաւակներուն ու թոռներուն յոյս ներշնչել, որպէսզի անոնք դէպի դեսպանատուներ չուղղուին», շեշտեց Բագրատունի:
Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը կարելի ըլլայ կազմել նուազ քան 15 օրերու ընթացքին: