ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան Ռազմարդիւնաբերութեան կոմիտէի պատուիրակութիւնը` կոմիտէի նախագահ Արտակ Դաւթեանի գլխաւորութեամբ, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ «Արմիա-2020» միջազգային ռազմա-արհեստագիտական համաժողովի աշխատանքներուն եւ ներկայ գտնուեցաւ համաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին:
Այցելութեան ընթացքին կոմիտէի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսիոյ ռազմա-արհեստագիտական համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան փոխտնօրէն Վլատիմիր Տրոժովի եւ Ռուսիոյ ռազմարդիւնաբերական ոլորտի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ:
Քննարկուեցան ռազմարդիւնաբերական ոլորտին համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցեր:
Հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուեցան պայմանաւորուածութիւններ` համագործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերեալ: