ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան արձակուրդ պիտի առնէ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագրեց համապատասխան որոշումը, որ հրապարակուեցաւ կառավարութեան կայքին վրայ:
«Արսէն Թորոսեանին տրամադրել 2018-2019 թուականների աշխատանքային տարուայ ամէնամեայ նուազագոյն արձակուրդի չօգտագործուած մասը եւ 2019-2020 թուականների աշխատանքային տարուայ ամէնամեայ նուազագոյն արձակուրդի մասը` 2020 թուականի Օգոստոսի 31ից Սեպտեմբերի 18ը ներառեալ», կ՛ըսուի որոշման մէջ:
Մինչ այս, առողջապահութեան նախարարը պիտի փոխարինէ անոր առաջին փոխանորդը՝ Անահիտ Աւանեսեան:
Նշենք, որ 24 Օգոստոսին լուրեր շրջան ըրին այն մասին, որ Թորոսեան աշխատանքէ զերծ կացուցուած է: Նախարարը նաեւ դադրեցաւ «Ֆէյսպուք»ի վրայ աշխոյժ ըլլալէ։
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան «Սիվիլնեթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ Թորոսեանի հեռացման մասին տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան: