ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Այս շաբաթ, Դեմոկրատ կուսակցութիւնը իր առցանց համաժողովին ընթացքին պաշտօնապէս Ճօ Պայտընը ընտրեց՝ իբրեւ 3 Նոյեմբերին նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու:
Այլոց կողքին ելոյթ ունենալով, նախկին նախագահներ Պարաք Օպամա, Պիլ Քլինթըն եւ Ճիմի Քարթըր շեշտեցին, որ Պայտըն փորձառութիւնը եւ պարկեշտութիւնը ունի վերականգնելու Ամերիկան, ներկայ վարչակազմին ստեղծած քաոսէն ետք։
Նշենք, որ Միշիկընի նահանգային խորհրդարանի անդամ Մերի Մանուկեան գլխաւոր ելոյթ ունեցողներէն մէկը հանդիսացաւ: 27ամեայ Մանուկեան Միշիկընի նահանգային խորհրդարանի առաջին հայ անդամն է եւ այդ մարմինին պատմութեան մէջ՝ ամէնէն երիտասարդ անդամը։