ԼԱ ՀԷՅ, «Ա․Էֆ․Փէ․»․- ՄԱԿի հովանիին տակ գործող Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը 18 Օգոստոսին վճռեց, թէ «Հըզպալլա»ի անդամ Սելիմ Այյաշ իրագործած է 2005ին գործադրուած Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին եւ 21 ուրիշներ սպաննած ահաբեկչական արարքը եւ անպարտ արձակեց 3 ուրիշներ։ Չորս ամբաստանեալներն ալ կը դատուէին ի բացակայութեան։ Ատեանը Սուրիոյ մեղսակցութեան փաստեր չգտաւ։
Այյաշի պատիժը աւելի ուշ պիտի որոշուի։
Նշենք, որ ատեանին ծախսերը կը հասնին 600 միլիոն տոլարի։