ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 31 Յուլիսին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 12 Յուլիսին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Տաւուշի մարզի հատուածին մէջ՝ Ատրպէյճանի կողմէ սահմանամերձ քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառոյցներու թիրախաւորմամբ, ուղղակի զինեալ յարձակման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին: Կողմերը ընդգծեցին, որ հակամարտութեան գօտիին մէջ լարուածութիւնը միտումնաւոր կերպով սրելու Ատրպէյճանի հերթական փորձը լուրջ հարուած է ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման գործընթացին եւ անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ իր միջազգային պարտաւորութիւններուն նկատմամբ բացայայտ քամահրական վերաբերմունքը:
Այս պարունակին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ գործուն քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը` զսպելու նոր յարձակում սանձազերծելու Ատրպէյճանի նկրտումներն ու այդ երկրի իշխանութիւնները բերելու կառուցողական դաշտ:
Արտաքին գործոց նախարարները ընդգծեցին հակամարտութեան գօտիին մէջ լարուածութեան վտանգներու նուազեցման եւ զինադադարի դրութեան վերահսկման միջազգային մեքանիզմներու ներդրման հրամայականը:
Մասիս Մայիլեան եւ Զոհրապ Մնացականեան վերահաստատեցին հայկական երկու պետութիւններուն միջեւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան նոր բովանդակութիւն հաղորդելու արդիականութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նշուած մարզին մէջ համագործակցութեան իրաւական հիմքերու զարգացման անհրաժեշտութեան` հաշուի առնելով ընդհանուր անվտանգային մարտահրաւէրները: Այս առնչութեամբ կողմերը ընդգծեցին տարածաշրջանին մէջ ապակայունացնող քաղաքականութիւն ներմուծելու անընդունելիութիւնը եւ անոր վճռական մերժումը:
Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան նորանշանակ ներկայացուցիչ Սերգեյ Ղազարեանը: