ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- 28 Յուլիսին, մարսէյլաբնակ հայերը, ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ՝ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Մարսէյլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան դիմաց` ընդդէմ հայ-ատրպէյճանական հիւսիսժարեւելեան սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ ատրպէյճանական սադրանքներուն:
Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով, 24 Յուլիսին Տեսինի մէջ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ Ազատութեան հրապարակին վրայ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, զօրակցութիւն յայտնելու համար Հայաստանին։ Հայկական հանրահաւաքին կը մասնակցէին շուրջ հարիւր անձեր։
Ասոր կողքին, տեղւոյն թուրք համայնքն ալ հակա-հաւաք մը կազմակերպած էր, բոլորովին ապօրինի՝ նահանգապետարանին չյայտարարուած։ Անոնք, մետաղեայ ցուպերով եւ փայտեայ բիրերով զինուած՝ աւելի շատ վոհմակի մը կը նմանէին։ Անոնք փորձեցին յարձակիլ հայկական խաղաղ հաւաքին մասնակցողներուն վրայ, սակայն հանդիպեցան ոստիկանութեան, որ արձունքաբեր կազ գործածեց եւ չորս թուրքեր ձերբակալեց։
Վալանսի եւ շրջակայքի հայկական շուրջ 20 ընկերակցութիւններու աջակցութիւնը վայելող Վալանս-Տաւուշ կազմակերպութիւնը 25 Յուլիսի երեկոյեան կազմակերպած էր Հայաստանի զօրակցութեան հանրահաւաք մը քաղաքին Իջեւան զբօսայգիին մէջ 2015ին բացուած խաչքարին առջեւ։ Հանրահաւաքին ներկայ էին շուրջ 300 անձեր, որոնց մէջ Ֆրանսայի պետական դէմքեր եւ Հայց. եկեղեցւոյ կղերականներ։ Ելոյթներ ունեցան Վալանսի քաղաքապետարանի կցորդներ Նաթալի Իլիօզէ եւ Վերոնիք Փիւժա ու Հայ մշակոյթի տան նախագահ Նազօ Նաճարեան։