ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ներկայացուցիչներու տունը 23 Յուլիսի յետմիջօէին ընդունեց Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներուն համար օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ յաւելուածը, կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ճեքի Սփիրի արաջադրած յաւելուածը կը նախատեսէ 1․4 միլիոն տոլար եւս տրամադրել՝ շարունակելու համար Արցախի մէջ կեանքեր փրկող HALO Trust-ի ականազերծման աշխատանքները:
2021ի արատասահմանեան օգնութիւններու բանաձեւին յաւելուածը վաւերացուեցաւ հակառակ զայն ձախողութեան մատնելու ատրպէյճանամէտ քոնկրեսականներու ջանքերուն եւ անիկա հանդիսացաւ ամէնէն շատ աջակից ապահոված յաւելուածը՝ շնորհիւ անոր ի նպաստ Հայ Դատի տարած ջանքերուն եւ առաւել քան 10,000 ամերկահայերու կողմէ քոնկրեսականներուն յղուած կոչերուն։
HALO Trust-ը Արցախի մէջ մարդասիրական ականազերծումով կը զբաղի 2001էն ի վեր:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց այս քայլը եւ շեշտեց, թէ այժմ պայքարը պիտի շարունակուի անոր վաւերացումը ապահովելու համար նաեւ Ծերակոյտին մէջ։
Ձեր զօրակցութիւնը յայտնելու համար այցելել anca.org/call կայքէջը։