ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 23 Յուլիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուեցան «Քորոնա» ժքահրի ընդհանուր 36,162 պարագաներ, որոնց 25,244ը ապաքինած է: Այս մասին կը նշուի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին վրայ:
Ներկայիս այս վարակէն կը բուժուին 10,013 անձեր: Ընդհանուր առմամբ կատարուած են 151,879 քննութիւններ: Այսպիսով` մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած են 469 նոր պարագաներ, եւ ապաքինած են 478 անձեր։ Ընդհանուր առմամբ այս վարակէն մահացած են 688 անձեր (աւելցած է 10ով):