1.4 ՄԻԼԻՈՆ ՆՈՐ ԱՆԳՈՐԾՆԵՐ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Ըստ «Փիու» հետազօտական կեդրոնին՝ հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգները ունի մեծագոյն թիւով վարակակիրները, ամերիկացիներուն միայն 65 տոկոսը դիմակներ կը կրէ խանութներու եւ հասարակական այլ վայրերու մէջ: Դիմակ կրելու կոչերը շարունակ անտեսած նախագահ Տանըլտ Թրամփ միայն վերջերս տեղի տուաւ՝ դիմակ կրելը նոյնիսկ «հայրենասիրական քայլ» կոչելով:
Հարցախոյզը նաեւ ցոյց կու տայ, որ ամերիկացիներուն 64 տոկոսը գոհ չէ համաճարակին դէմ Թրամփի վարած քաղաքականութենէն։
Նաեւ, հակառակ հիւանդութեան տարածման մեծ արագութեան, ամերիկացիները կը շարունակեն ողողել ամառնային հանգստավայրերը եւ լողափները: Տարբեր նահանգներ ունին տարբեր օրէնքներ, եւ դաշնակցային կառավարութեան կրաւորական կեցուածքին պատճառով ցարդ կարելի չէ եղած ազգային քաղաքականութիւն մը որդեգրել։
Հինգշաբթի օր նաեւ հաղորդուեցաւ, որ անգործութեան ապահովագրութենէն առաջին անգամ նպաստ ստանալու դիմում կատարած են 1.4 միլիոն ամերիկացիներ, ինչ որ 4 ամսուան մէջ շաբաթական առաջին աճն էր, յատկապէս որովհետեւ շարք մը նահագներ դարձեալ սահմանափակումներ սկսան պարտադրել՝ զսպելու համար ժահրին տարածումը։
Յայտնենք, որ Ծերակոյտը սկսած է քննարկել տնտեսութիւնը խթանելու նոր ծրար մը, որուն մէկ օրինակը մօտաւորապէս 2 ամիս առաջ վաւերացուած էր Ներկայացուցիչներու տան կողմէ եւ որուն մէջ անգործներուն դաշնակցային աջակցութիւնը խնդրայարոց կը մնայ։ Շաբաթական 600 տոլար աջակցութիւնը 31 Յուլիսին պիտի սպառի։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ այժմ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն 57 տոկոսը 41 տարիքը չբոլորած անձերն են, իսկ 22 Յուլիսի յետմիջօրէին հաղորդուեցաւ, որ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին գաւառին մէջ վարակուած 64 քաղաքացիներ մահած են եւ արձանագրուած են 3266 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 164,870 վարակումներ եւ 4213 մահեր: Հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին 2207 վարակուած անձեր:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 425,000 վարակումներ եւ 8045 մահեր:
4.1 միլիոն վարակուածներով եւ 146,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Պրազիլը, Հնդկաստանը եւ Ռուսիան, ուր կան յաջորդաբար 2.2 միլիոն, 1.3 միլիոն եւ 795,038 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը հասաւ 15.5 միլիոնի, որուն 9.4 միլիոնը ապաքինած է: Մահացած են մօտաւորապէս 632,000 վարակուածներ: