ԷՆՍԻՆՕ.- Կիրակի, 19 Յուլիսին, Հայց. Առաքելական եկեղեցին տօնախմբեց Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը։ Այս առթիւ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։
Նահանգային կառավարութեան ցուցմունքներուն հետեւելով, Ս. պատարագը մատուցուեցաւ դռնփակ՝ առանց հաւատացեաներու ներկայութեան։
Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամի սկզբնաւորութեան, վկայակոչելով Մատթէոսի Աւետարանը՝ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Այլակերպութեան (Վարդավառ) հրաշալի դէպքը, որ տեղի ունեցաւ Պետրոս, Յովհաննէս եւ Յակոբոս առաքեալներու ներկայութեան, որոնք իրենք եւս սքանչացումով զարհուրեցան, երբ լսեցին Աստուծոյ ձայնը, որ կ՛ըսէր. «Այս է Իմ սիրելի Որդիս, որուն Ես հաճեցայ. Անոր մտիկ ըրէք». իսկ Քրիստոս անմիջապէս ետք քաջալերեց զիրենք՝ ըսելով. «Ոտքի՛ ելէք, մի՛ վախնաք»։
Սրբազանը իր պատգամին մէջ կարեւոր համարեց Այլակերպութեան տօնի նշանակութիւնը, որ ինքնին հրաւէր է հոգեւոր, բարոյական եւ ֆիզիքական սրբութեան եւ մաքրութեան։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ այս տօնը իրեն համար առանձնայատուկ է, որովհետեւ 44 տարիներ առաջ նոյն այս օրը, իբրեւ նորընծայ աբեղայ՝ իր անդրանիկ Ս. պատարագը մատուցանեց Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ապա՝ 23 տարիներ առաջ, դարձեալ նոյն օրը, այս անգամ իբրեւ նորընծայ եպիսկոպոս՝ եպիսկոպոսական իր առաջին պատարագը մատուցանեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Ան ընդգծեց, որ այդ երկու պատարագներուն ընթացքին Տիրոջմէ խնդրեց, որ զինք վերանորոգէ ու լուսաւորէ եւ այսօր կրկին անգամ նոյն այդ աղօթքը կը վերառաքէ առ Աստուած, աղերսելով, որ մեր ժողովուրդի զաւակներոն օճախները լուսաւորուին Աստուծոյ ներկայութեամբ եւ փառքով, անկասկած երբ կը դաւանինք զՔրիստոս իբրեւ մեր Փրկիչը եւ կը լսենք Տիրոջ խօսքը. «Մտիք ըրէք Անոր» ու «Մի՛ վախնաք»։
«Փորձութեան այս օրերուն, պէտք է մեր հայեացքը սեւեռենք Քրիստոսի՝ ճշմարիտ լոյսը գտնելու համար, վերանորոգելու մեր հաւատքը եւ կառչելու մեր աւանդութեանց։ Պարտ է մեզ լսել եւ մտիկ ընել Անոր, որպէսզի Ան յայտնուի մեր սրտերուն մէջ։ Պէտք է մեր խաչը առնենք եւ հետեւինք Իրեն, մեր կեանքը զոհաբերենք՝ գտնելու համար ճշմարիտ կեանքը եւ նոր մարդ դառնալով՝ Իր փառքին համար ծառայենք։ Յիսուս Քրիստոս Իր աշակերտներուն յայտնուեցաւ, այսօր եւս կը յայտնուի ու պիտի շարունակէ յայտնուիլ։ Այսօր, եկէք, հաւաքաբար հայցենք, որ Ան մեր անձնական, ընտանեկան եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ յայտնուի, առաջնորդէ մեզ մանաւանդ համաճարակի այս դժուար ժամանակաշրջանին, Ինքզինք յայտնէ մեր Հայրենիքին, Հայոց Բանակին եւ մասնաւորաբար մեր քաջարի զինուորներուն, որպէսզի լսեն զԻնք ու չվախնան։ Եկէք, բանանք մեր աչքերը եւ տեսնենք զԻնք Իր արեգակնակերպ ու լուսաւոր փառքին մէջ ու չվախնանք, որովհետեւ Ինք պիտի պահէ ու պահպանէ մեզ, այնքան ատեն որ կ՛աշակերտինք ու կը հետեւինք Իրեն», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը։
Իր քարոզին աւարտին, ան հրաւիրեց հաւատացեալները, որ «Տէր Ողորմեա»ի ընթացքին միասնաբար աղօթեն Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութեան ու խաղաղութեան վերահաստատման, Հայոց Բանակի հզօրացման ու ապահովութեան, մեր նահատակ հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան եւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար։