ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- «Ազատութիւն» կայականը կը հաղորդէ, թէ աշխարհի յառաջատար գիտական եւ բժշկական կեդրոնները իրենց աշխոյժ աշխատանքը կը շարունակեն «Քորոնա» ժահրին դէմ արդիւնաւէտ պատուաստ հնարելու ուղղութեամբ:
AstraZeneca, Johnson & Johnson, Merck & Co., Moderna եւ Pfizer ընկերութիւններու պաշտօնատարները այսօր Ներկայացուցիչներու տան զանազան յանձնախումբերուն հաշուետուութիւն ներկայացուցին ցարդ կատարուած աշխատանքին մասին:
Ուաշինկթըն միլիառաւոր տոլարներ յատկացուցած է այդ ընկերութիւններէն քանի մը հատին՝ նպատակ ունենալով երաշխաւորել պահանջուած չափով պատուաստ:
Պատուաստի խոստմնալից տարբերակներէն մէկը հնարած է AstraZeneca բրիտանա-շուէտական ընկերութիւնը, որ այս նպատակով կը գործակցի «Օքսֆըրտ» համալսարանին հետ: Գիտնականները եւ դեղեր արտադրողները յոյս ունին, որ մինչեւ Սեպտեմբեր կրնան արտադրել շուրջ մէկ միլիոն պատուաստ, սակայն ամէն ինչ կախուած է վերջնական հետազօտութիւններէն:
Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 20 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին վարակուած 9 քաղաքացիներ մահացան եւ արձանագրուած են 3160 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 159,045 վարակումներ եւ 4104 մահեր: Հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին 2232 վարակակիրներ։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 400,000 վարակումներ եւ 7773 մահեր:
Ներկայիս մօտաւորապէս 4 միլիոն վարակակիրներով եւ 144,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն՝ Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 2.13 միլիոն, 1․2 միլիոն եւ 783,328 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 15 միլիոնի սահմանը, որուն 8.8 միլիոնը ապաքինած է: Մահացած են մօտաւորապէս 615,000 վարակուածներ: