Սուրիական տեղական աղբիւրներ «Շաամ Էֆ.Էմ.» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, թէ սուրիական հողեր բռնագրաւած թրքական ուժերը Աֆրինի եւ այլ քաղաքներու մէջ իրենց ենթակայ զինեալներուն համար արձանագրութեան կեդրոններ հաստատած են, որպէսզի վեց ամսուան պայմանագրութեամբ, ամսական 2500 տոլարի փոխարէն Ատպէյճան ղրկուին՝ կռուելու Հայաստանի դէմ։
«Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Ատրրպէյճան անել կացութեան մատնուած է եւ իր իսկ սկսած բախումներուն պատճառով, հայկական բանակին դիմաց պարտութիւն կրելով՝ վարձկան կռուողներ կ՛որոնէ», կը գրէ «Նոր Յառաջ»ը։
Այս մասին կը հաղորդէ նաեւ քրտական «Ֆիրաթ» լրատու գործակալութիւնը, ամսական վարձատրութեան գումարը 3500 տոլար ներկայացնելով: