ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆապիօ Քասթալտօ Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց՝ դադրեցնելու յարձակումները եւ վերադառնալու ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ձեւաչափով տեղի ունեցող բանակցութիւններուն:
«Զինադուլի որեւէ խախտում այլեւս պէտք չէ հանդուրժենք: Անհրաժեշտ է, որ Պաքու կառուցողական կերպով ներգրաւուի բանակցային հոլովոյթին մէջ: Նոր սերունդները պէտք չէ մեծնան ատելութեան եւ թշնամիի հռետորաբանութեան մթնոլորտին մէջ», կը գրէ ան՝ շեշտելով, որ ԵԱՀԿի կողմէ առաջարկուող հսկողութեան համակարգերուն անհրաժեշտութիւնը:
Իր կարգին, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Ռիք Տեմս վստահեցուց, թէ հակամարտութիւնը վեհաժողովի համապատասխան յանձնախումբերու ուշադրութեան կեդրոնին է՝ աւելցնելով. «Կողմերու կը յորդորեմ զերծ մնալ գործողութիւններէ, որոնք կրնան հրահրել եւ սրել լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ կը խրախուսեմ զանոնք՝ շարունակելու աշխատիլ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ՝ գտնելու հակամարտութեան խաղաղ լուծումներ եւ ապահովելու քաղաքայիններու ապահովութիւնը»: