ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ․Փի․»․- Դեմոկրատ ղեկավարներ եւ քոնկրեսականներ, գլխաւորութեամբ քնոկրեսական Էտըմ Շիֆի, խստօրէն դատապարտեցին Տանըլտ Թրամփի ընտրապայքարին եւ Ռուսիոյ միջեւ գործակցութեան հետաքննութեան ծիրին մէջ, 40 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած Թրամփի երկար տարիներու խորհրդական գործակից Ռաճըր Սթոնին ներում շնորհելու նածագահին որոշումը, զայն երկրին արդարադատութեան համակարգին ոտնակոխում եւ իշխանութեան շահագործում նկատելով։
Շարք մը այլ յանցանքներու կողքին, Սթոն դատապարտուած էր Քոնկրեսին սուտ վկայութիւն տալու եւ այլ ականատեսներու վկայութիւնները փոխել փորձելու յանցանքներով։
Նշենք, որ Սթոն եւ Թրամփի 5 այլ գործակիցներ դատապարտուեցան Ռուսիոյ եւ Թրամփի ընտրապայքարին միջեւ ապօրինի կապերուն հետաքննութեան շնորհիւ։