ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային վարչութիւնն ու «Պարսամեան» կրթաթոշակի յանձնախումբը կը յայտարարեն, թէ ուսումնական 2020-2021 տարեշրջանին համար, դիմումնագիրներ պիտի ընդունին «Յարութ Պարսամեան Հայ Ուսանողներու Կրթաթոշակ»ին համար:
Հանգուցեալ փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամը կը նպատակադրէ աջակցիլ հայ ուսանողներու, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեամբ մը, Միացեալ Նահանգներու որեւէ վարկաւորուած համալսարանի-քոլեճի մէջ: Տնօրինումները կը կատարէ հիմնադրամի վարիչ յանձնախումբը:
Թղթածրարը պէտք է պարունակէ.
- Դիմումնագիր նամակ մը, ուր նշուին դիմողի ամփոփ կենսագրականը, տեղեկութիւններ իր հասարակական կեանքին մասին, հասցէ (ե-նամակի եւ նամակատան), հեռաձայնի թիւ եւ լուսանկար: Դիմողը նաեւ պարտի արձանագրել Սփիւռքի հայութեան մասին զինք մտահոգող պարագայ մը եւ ի՞նչ կ՛առաջարկէ այդ մտահոգութեան մասին:
- Վկայագիր մը` ամերիկեան որեւէ օրինաւոր համալսարան կամ քոլեճ ընդունուած ըլլալու մասին (նշել համալսարանին հասցէն):
- Համալսարանական անձնագիր, աշակերտական թիւով (Student ID):
- Նիշերու ցանկ եւ նախընտրաբար յանձնարարական մը:
Կը խնդրուի դիմումնագիրներու ծրարը Ազգ. առաջնորդարան յղել մինչեւ Ուրբաթ, Յուլիս 31, հետեւեալ հասցէով.
Harut Barsamian Scholarship Fund
c/o Western Prelacy
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214։