ԵՐԵՒԱՆ.- 8 Յուլիսին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբի մամլոյ ասուլիսը:
Յանձնախումբի համակարգողներ Սիմոն Գաֆալեան եւ Ժիրայր Պէօճէքեան ներկայացուցին ստեղծուած իրավիճակին լոյսին տակ Հայաստանի մէջ ապրող հայրենադարձներու հարցերը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն եւ արձանագրուած բացթողումներուն։
«Կազմակերպած ենք հայրենադարձ ընտանիքներու հետ հինգ հանդիպում, կեդրոնացած ենք առողջապահական, կրթական, դրամատնային խնդիրներու վրայ», լրագրողներուն ըսաւ Ժիրայր Պէօճէքեան՝ աւելցնելով, որ իրենք առաւելապէս խորհրդատուական, այլ ոչ թէ հայրենադարձութիւն կազմակերպող մարմին են:
«Հանդիպում կազմակերպած ենք IT ոլորտի մեր հայրենակիցներուն հետ, փորձած ենք հայրենադարձ այդ մասնագէտները մասնակից դարձնել մեր աշխատանքներուն: Ամէնէն աւելի այդ ոլորտի աշխատանքներու յայտարարութիւններն են, որոնք կը տեղադրենք մեր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ», ըսաւ Ժիրայր Պէօճէքեա՝ աւելցնելով.
«Մեր ստացած բոլոր նուիրատուութիւնները ամբողջութեամբ փոխանցած ենք զինուորներու վերականգնողական կեդրոնին»:
Ժ. Պէօճէքեան տեղեկացուց, որ պատրաստակամ են իրաւաբանական անվճար խորհրդատուութիւն տրամադրելու հայրենադարձ բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք, Հայաստան վերադառնալով՝ զանազան հարցերու կը հանդիպին:
Ըստ անոր՝ ամէնէն մեծ հարցըը, որուն յաճախ կը հանդիպին հայրենադարձ ընտանիքները, աշխատանքի հարցն է։ «Բոլորս գիտենք, որ նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքացին աշխատանքի հարց ունի: Նոյն իրականութեան մէջ կը փորձենք անոնց համար ամէն ինչ ընել», նշեց ան:
Անդրադառնալով «Քորոնա» ժահրի հարցերուն՝ Ժիրայր Պէօճէքեան նշեց, որ այս ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբը սննդամթերք տրամադրած է 220 ընտանիքներու, որոնց կարգին՝ ոչ միայն հայրնեադարձներու, այլ Հայաստանի քաղաքացիներու եւ Հայաստան գտնուող օտար ուսանողներու:
Ան նաեւ տեղեկացուց, թէ կայ բարերար մը, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է վճարել Շուշիի մէջ բնակութիւն հաստատող 5 հայրենադարձ ընտանիքներու 5 տարուան բնակարանային վարձքը: Առայժմ ընտանիք մը փափաք յայտնած է բնակիլ Արցախի մէջ:
Սիմոն Գաֆալեան ըսաւ, որ հայրենադարձ ընտանիքները բազմաթիւ շնորհակալական խօսքեր կ՛ուղղեն յանձնախումբին, որովհետեւ Հայաստանի մէջ հարազատ չունենալով՝ անոնք միշտ իրենց կը դիմեն։ Ան յայտնեց, որ այդ մարդոցմէ շատեր յաճախ հազիւ ի վիճակի կ՛ըլլան հանապազօրեայ հաց վաստկելու եւ փոքրիկ գործարարութիւն մը հիմնելու, բայց այդ ճամբուն վրայ բազմաթիւ դիւանակալական դժուարութիւններու կը հանդիպին:
«Պէտք է պայմաններ ստեղծուին, որ իւրաքանչիւր անձ ցանկայ գալ Հայաստան, իսկ եկողն ալ՝ չերթայ», ըսաւ Սիմոն Գաֆալեանն ու շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ հայրենադարձութեան օրէնքը յստակ չէ. «Ինծի կը հարցնեն՝ հարենիքի մէջ սեւ ու սպիտակ հայը ո՞րն է, դուրսի ու ներսի հայը ո՞րն է:
Ասֆալտին փռելով՝ երկիր չի շտկուիր, մենք ունեցանք վարչապետ, որ դարձաւ բոլորիս ընտանիքին հայրը, ուրեմն՝ լաւ, թէ՝ վատ միաւորէ՛ զաւակներդ, որ ուզեն գալ Հայաստան», Հայաստանի վարչապետին կոչով դիմեց Գաֆալեան ու աւելցուց, որ այս ընթացքին յաճախ սփիւռքէն մտահոգուած հայրենակիցները իրեն կը հարցնեն, ի վերջոյ այս բոլորին վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ. «Ինծի կը հարցնեն, այս ի՞նչ կը կատարուի հայրենիքի մէջ, միւս կողմէ ալ այս «Քորոնա» ժահրը մարդոց մէջ յուսահատութիւն կը յառաջացնէ։ Մենք յաճախ կ՛ըսենք հրամմեցէ՛ք Հայաստան, ասիկա մեր երկիրն է, ու մենք պէտք է տէր կանգնինք անոր, մեր հողին, բայց մարդիկ կը մտահոգուին, կ՛ըսեն, եթէ առեւտրական գործի ձեռնարկեմ ապահովագրուա՞ծ եմ», ըսաւ Ս. Գաֆալեան՝ յստակացնելով. «Անվստահութեան հարց կայ»։