ՇԱՔԷ ՇԱՄՈՅԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 12 Դեկտեմբեր 1941ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝ Շաքէ Շամոյեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 3 Յուլիս 2020ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 13 Յուլիս 2020ին, երեկոյեան ժամը 7ին,Կլենտէյլի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., Glendale:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով, թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի միայն ընտանեկան պարագաներու ներկայութեամբ, Երեքշաբթի, 14 Յուլիս 2020ին։
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Մարալ եւ Պետիկ Գազանճեան եւ զաւակները՝ Շողակ, Յովիկ եւ Նարօտ
Զաւակը՝ Հրայր եւ Ճենիֆըր Շամոյեան եւ զաւակը՝ Մայքըլ
Զաւակը՝ Արսէն եւ Հելէն Շամոյեան եւ զաւակը՝ Նիքըլըս
Եւ համայն Ալտրմշեան, Գազանճեան, Պարղուտեան եւ Մանսուրեան ընտանիքներն ու հարազատները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՄԸՄի «Շաքէ Շամոյեան» ֆոնտին (Homenetmen Western Region Shake Shamoyan Fund):
ՇԱՔԷ ՇԱՄՈՅԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր եւ փեսային՝ իրենց ընկեր-ընկերոհւներէն Մարալ եւ Պետիկ Գազանճեաններուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։