ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ»․- Լիպիոյ ազգային բանակէն աղբիւրներ յայտնեցին, թէ Լիպիոյ արեւմուտքը գտնուող Ուաթիա շրջանին մէջ տեղակայուած օդուժի ռազմակայանը Կիրակի երեկոյեան ռմբակոծուեցաւ շարք մը «անծանօթ օդանաւերու» կողմէ:
«Ախպար Լիպիա» կայքը մանրամասնեց, որ յարձակումին իբրեւ արդիւնք սպաննուեցան վեց թուրք սպաներ եւ հրամանատար մը: Քանդուեցան օդային պաշտպանութեան համակարգեր, որոնք անցեալ շաբաթ տեղակադրուած էին Թուրքիոյ կողմէ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց լուրը: