ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը (AEF) կը յիշեցնէ, թէ կը շարունակէ ընդունիլ 2020-2021 կրթական տարեշրջանի` Ռիչըրտ Ռ. Թիւֆէնքեանի անուան կրթանպաստի դիմումնագիրները:
3000ական տոլարի երեք կրթանպաստներ պիտի տրամադրուին հայ ուսանողներու, որոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ վարկաւորուած համալսարանի մը մէջ առնուազն 3.0 վարկանիշ (Ճի.Փի.Էյ.) ապահոված են, նաեւ` նիւթական օժանդակութեան կարիքը ունին եւ հայ գաղութին մէջ գործօն դերակատարներ են:
Դիմումնագիրին կամ յաւելեալ տեղեկութեիւններու համար` այցելել www.aefweb.org կայքը: Ամբողջացուած դիմումնագիրը պէտք է Հայ կրթական հիմնարկութեան յղուի ամէնէն ուշը մինչեւ 26 Յունիս, հետեւեալ հասցէներուն` 600 West Broadway, Suite 130, Glendale, CA, 91204, կամ aef@aefweb.org:
Սոյն կրթանպաստով հետաքրքրուող ուսանողները կրնան նաեւ դիմել aef@aefweb.org հասցէին կամ (818) 242-4154 թիւին: