ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Սի․Էն․Էն․»․- Միացեալ Նահանգներու տարածքին առողջապահութեան մարմիններ մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ ոստիկանութեան բռնարարքներուն դէմ բողոքի ցոյցերը կրնան «Քորոնա» ժահրի համաճարակին 2րդ բռնկումին առաջնորդել, յատկապէս, որովհետեւ անոնք սկսած են այն պահուն, երբ տնտեսութիւնը վերաբանալու քայլեր կ՛առնուին։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 1 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 22 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 978 նոր պարագաներ։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 55,968 վարակումներ եւ 2384 մահեր, որոնց 93 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը հասած է 612,000ի, որոնց 8 տոկոսը վարակակիր եղած է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 115,000ի եւ արձանագրուած են 4287 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 1․87 միլիոն եւ 107,279 են։
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու մեծագոյն թիւը ունեցող Պրազիլի մէջ վարակումներու արագ աճը կը շարունակուի եւ հասած է 530,733ի, իսկ մահերու թիւը՝ 30,079 ի։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 6․4 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը կը մօտեայ 379,000ի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 2․94 միլիոն վարակուած անձեր։