ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնի ստանձնման եւ երդման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Արայիկ Յարութիւնեանի՝ պաշտօնը ստանձննելուն նուիրուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստը տեղի պիտի ունենայ 21 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 6ին, Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ: Արարողութիւնը պիտի սփռուի ուղիղ հեռարձակումով. Լրագրողներու՝ դահլիճ մուտքը արգիլուած է: