Հայ որբերու օժանդակութեան ընկերակցութիւնը (SOAR) կը տեղեկացնէ, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, որոշուած է այս տարուան դրամահաւաքի գլխաւոր ձեռնարկը իրականացնել համացանցի միջոցաւ։
31 Մայիսին, կէսօրուան ժամը 12ին սկսող ձեռնակին մասնակցողները պիտի վայելեն բրիտանահայ իւրայատուկ կատակաբան Գեւ Օրգեանի կատարումները։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել info@soar-us.org հասցէին կամ այցելել soar-us.org կայքը։