ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Անցնող շաբաթավերջին, 208 կողմ եւ 199 դէմ ձայներով, Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց 3 եռիլիոն տոլարի բանաձեւ մը՝ յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն տուժած քաղաքացիներուն, առողջապահական մարզին, նահանգներուն եւ տնտեսական աճ խթանելու համար։
Սակայն, Ծերակոյտի հանրապետական մեծամասնութիւնը յայտարարեց, թէ համաձայն չէ անոր պայմաններուն եւ այժմ երկար բանակցութիւններ կ՛ակնկալուին միջին եզր մը գտնելու յոյսով։
Ներկայացուցիչներու տան առաւել քան 1800 էջնոց բանաձեւը աւելի քան է 500 միլիառ տոլարի աջակցութիւն կը նախատեսէ նահանգային կառավարութիւններուն, 1200ական տոլար՝ քաղաքացիներուն (առաւելագոյնը 6000 տոլար իւրաքանչիւր ընտանիքի) եւ յաւելեալ օգնութիւն համաճարակին դէմ պայքարող առողջապահութեան աշխատակիցներուն։