ՀԱՅԿ ՊՈՍԹԱՆԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Հայկ Պոսթանեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 12 Մայիս 2020ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 22 Մայիս 2020ին, կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, եւ թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ: «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, յուղարկաւորութեան ներկայ պիտի գտնուին միայն ընտանեկան պարագաները:
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սոնա (Ասատուրեան) Պոսթանեան
Դուստռը՝ Անի (Պոսթանեան) Արոյեան եւ զաւակը՝ Մհեր
Զաւակը՝ Զօհրապ եւ Թանիա Պոսթանեան եւ զաւակները՝ Կրեկըրի եւ Միրնա
Դուստրը՝ Մարալ եւ Կարօ Սիմոնեան եւ զաւակները՝ Արէն եւ Սարին (Սիտնի)
Եղբայրը՝ Բաբգէն Պոսթանեան (Լոնտոն)
Քոյրը՝ Ալիս Շահինեան եւ ընտանիք
Քոյրը՝ Ժանէթ Տէր Ղուկասեան եւ ընտանիք
Եղբօր կինը՝ Հերմինէ Պոսթանեան եւ ընտանիք
Աներորդին՝ Բաբգէն Ասատուրեան եւ ընտանիք
Աներորդին՝ Վահէ եւ Սիրան Ասատուրեան եւ ընտանիք (Շուէտ)
Քենին՝ Սօսիկ Պօղոսեան եւ ընտանիք (Սիտնի)
Քենին՝ Սեդա Պապէրեան եւ ընտանիք
Քենին՝ Շուշիկ եւ Կիրակոս Թաշճեան եւ ընտանիք
Խնամին՝ Վարդան եւ Հայկօ Աճէմեան եւ ընտանիք
Խնամին՝ Իշխան եւ Իշխանուհի Սիմոնեան եւ ընտանիք (Սիտնի)
Խնամին՝ Արմէնուհի Արոյեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Պոսթանեան, Արոյեան, Սիմոնեան, Ասատուրեան, Աճէմեան, Շահինեան, Տէր Ղուկասեան, Պօղոսեան, Պապէրեան եւ Թաշճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Հայ Դատի յանձնախումբի՝ ANCA Endowment Fund for Education-ին. Online donations: http://anca.org//hbostanian):
ՀԱՅԿ ՊՈՍԹԱՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ Հոգեբանական բաժինի տնօրէնութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին եւ դստեր՝ նախկին Շրջանային վարչութեան անդամուհիներէն Սոնա եւ Անի Պոսթանեաններուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՀԱՅԿ ՊՈՍԹԱՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ իրենց ընկերուհիներէն Սոնա Պոսթանեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՀԱՅԿ ՊՈՍԹԱՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի «Լոռի» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ իրենց անդամուհիներէն Սոնա Պոսթանեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՀԱՅԿ ՊՈՍԹԱՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Արծիւեան եւ Աշճեան ընտանիքները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՀԱՅԿ ՊՈՍԹԱՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ Իրաքի կազմի՝ հանգուցեալի նախկին ընկերները, որոնք Միացեալ Նահանգներ կը գնտուին, իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն անոր այրիին՝ Սոնա Պոսթանեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՀԱՅԿ ՊՈՍԹԱՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Իրաքի Ագային կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամները, որոնք Միացեալ Նահանգներ կը գտնուին, իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Սոնա Պոսթանեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։