ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեան եւ Իրանի առողջապահութեան փոխնախարար Ասատի Լարի 14 Մայիսին ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան իրանեան կողմէ բժշկական պարագաներու եւ նիւթերու` Հայաստան առաքման եւ շարք մը այլ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Դեսպան Թումանեան առաջարկեց ըստ անհրաժեշտութեան կազմակերպել երկու երկիրներուն առողջապահութեան նախարարութիւններու պատասխանատուներուն եւ մասնագէտներու միջեւ տեսակապով համագումարներ։ Փոխնախարար Ասատի Լարի այս գծով իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց։