ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Նարինէ Դիլբարեան ընտրուեցաւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար: Այս մասին յայտնեցին կուսակցութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Ըստ կուսակցութեան տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան՝ 14 Մայիսին, Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութիւնը 12րդ համագումարէն տարի մը ետք, ընտրուեց նոր նախագահը:
«Կուսակցութեան փոխնախագահ Նարինէ Դիլբարեանը ընտրուեց նախագահի պաշտօնում, կուսակցութեան փոխնախագահ դարձաւ Գագիկ Մարգարեանը: Վարչութիւնն ունի նորացուած գործադիր մարմին` հետեւեալ կազմով` Նարինէ Դիլբարեան, Գագիկ Մարգարեան, Ռշտուն Մարտիրոսեան, Հայկ Գասպարեան», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ Մարտ 2019էն ի վեր, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահն էր Անդրանիկ Գրիգորեան. մինչ այդ քաղաքական ուժը կը ղեկավարէր Րաֆֆի Յովհաննիսեան։