ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ցարդ կարելի չէ եղած ամբողջութեամբ զսպել «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը՝ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց երկարաձգել մեկուսացման պայմանաժամերը։
Ստորեւ կու տանք նոր պայմանաժամերը․
– 15 Մայիսին աւարտող արտակարգ իրավիճակը կ՛երկարաձգուի ցնոր տնօրինութիւն․
– «Քորոնա» ժահրէն վնասներ կրած վարձակալներու արտաքսումը կը կասեցուի առնուազն մինչեւ 30 Յունիս 2020․
– Վարձակալները 30 Յունիսէն ետք, 12 ամսուան ընթացքին, պէտք է վճարեն իրենց յետնեալ պարտքերը․
– Վարձքերու սառեցումը կը շարունակուի մինչեւ 30 Յունիս․
– «Քորոնա» ժահրէն վնասներ կրած գործատեղիներու վարձակալներուն պարագային, արտաքսումը կը կասեցուի առնուազն մինչեւ 3 Յունիս․
– Բոլոր մարզադաշտերը փակ պիտի մնան մինչեւ 30 Յունիս.
– Հանրային վայրերու մէջ դիմակներ կրելու պայմանը կ՛երկարաձգուի առնուազն մինչեւ 3 Յունիս։
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը կը յիշեցնէ, որ մինչ որոշ սահմանափակումներ կը մեղմացուին եւ դուրսը մարզանք ընելը կամ որոշ գործատեղիներու մասնակի վերաբացումը կ՛արտօնուի, ներկայիս տուն մնալը լաւագոյն ընտրանքն է համաճարակին տարածումը զսպելու համար։
Աւելի մանրամասն եւ միշտ նորոգուող տեղեկութիւններու համար այցելել glendaleca.gov կայքը։