Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչի օգնական դոկտ․ Էրիք Սահակեան հերեւալ բացատրութիւնը յղեց կրթաշրջանին մէջ ծրագրուող հայերէնով եւ անգլերէնով կրթական ծրագիրին մասին․
«Երկլեզու ծրագիրին մէջ դասաւանդութիւնը կը կատարուի անգլերէն եւ երկրորդ լեզուով մը: Երկրորդական վարժարանի պարագաին, աշակերտին կը դասաւանդուին օտար լեզուի երկու կամ աւելի դասեր: Այս ծրագիրին շնորհիւ, երիտասարդ միտքը կ՛ընտելանայ երկու լեզուներով մտածելուն եւ կ՛ունենայ այլ մշակոյթ մը ամբողջութեանբ գնահատելու կրթութիւնը եւ յատկութիւնը: Աշակերտը կ՛ունենայ նաեւ լայն աշխարհահայեացք եւ միջազգային նիւթերու շուրջ լաւ կազմուած գաղափար:
«Մեր ծրագիրին նպատակն է՝ պատրաստել երկու լեզուներ խօսող, մտածող, ընթերցող եւ գրող անհատեր՝ նահանգային չափանիշերուն համապատասխան կամ զանոնք գերազանցող, որոնք նաեւ՝ միջազգային լեզուներու եւ մշակոյթներու հանդէպ դրական ու գիտակից մօտեցում պիտի ունենան:
«Կարեւոր է գիտնալ, թէ այս դպրոցը ընդունուելու համար չկան մուտքի քննութիւններ եւ հայերէնի իմացութիւնը նախապայման չէ: Անոնք, որոնք ծանօթ չեն գրաւոր կամ խօսակցական հայերէնին՝ կրնան վարժարանը արձանագրուիլ, առնել Armenian I կոչուած դասը, ապա աստիճանաբար հասնիլ բարձրագոյն՝ Armenian IV մակարդակին:
Արձանագրութեան համար նախապատուութիւն ունին Փասատինա քաղաքի բնակիչները եւ ներկայ աշակերտներուն քոյրերը եւ եղբայրները: Կրնան մեզի աշակերտել նաեւ այլ վարժարաններու աշակերտները եւ ուսում ստանալու նպատակով Միացեալ Նահանգներ ժամանած օտար երկիրներու աշակերտներ: Որոշած ենք շուտով ծրագրը ընդլայնել եւ ներառել նաեւ միջնակարգը:
«Մօտիկ ապագային ձեզ, յարգելի ծնողներ, կը հրաւիրեմ Պլեր վարժարանը այցելելու եւ տեսնելու անոր լայն հնարաւորութիւնները»:
Արձանագրութեան համար կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել openenrollment.info կայքը։