ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերահաստատեց, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները եղած են եւ կը շարունակեն մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն: Մնացականեան այս մասին յայտնեց Ազգային ժողովի նիստի կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին՝ պատասխանելով «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արկադի Խաչատրեանին, թէ՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ Արցախի հարցին վերաբերող վերջին յայտարարութիւնը արդեօք չի՞ պարունակեր յստակ պատգամներ:
«Մենք ունենք հայ-ռուսական յարաբերութիւններ, որոնք բաւական յագեցած են իրենց օրակարգով, ունենք պատմութիւն, որոնք հիմնւում են հիմնաւոր դաշնակցային յարաբերութիւնների՝ բոլոր սկզբունքների վրայ, որոնք արտայայտուած են մեր բազմաթիւ իրաւական փաստաթղթերում, ունեն շատ կոնկրետ (յստակ-Խմբ.)կիրառական արտայայտութիւն: Այդ յարաբերութիւնները վերաբերւում են բազմաթիւ բնագաւառների՝ սկսած անվտանգային բնագաւառից: Մեր կառավարութիւնը բազմիցս յայտարարել է, որ այդ յարաբերութիւնները եղել եւ մնում են Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններից մէկը: Եւ այդ ոգու մէջ մենք շարունակում ենք աշխատել Ռուսաստանի մեր գործընկերների հետ», ըսաւ Մնացականեան:
Նախարարը նկատել տուաւ, որ բնականաբար կան տարբեր հարցեր՝ Հայաստանի կողմէ, Ռուսիոյ կողմէ այնպէս, ինչպէս կան հարցեր մնացած բոլոր գործընկերներուն հետ, բայց զանոնք ողբերգութիւն դարձնելու կարիք չկայ: «Դրանք յարաբերութիւններ են, որ ոչ անպայման պէտք է սկսուեն ու վերջանան կենացներով, իւրաքանչիւրն ունի իր հարցերը, գերակայութիւնները: Սակայն սրանք համագործակցային, դաշնակցային յարաբերութիւններ են: Եւ այդպէս էլ աշխատում ենք եւ աշխատելու ենք՝ որպէս երկու հաւասարազօր գործընկեր, բարեկամ, դաշնակից պետութիւններ», ըսաւ ան:
Խաչատրեան նշեց, որ ոեւէ մէկը կասկածի տակ չ՛առներ հայ-ռուսական ռազմական յարաբերութիւնները, բայց հարց է, թէ որո՛ւն ուղղուած են այդ յայտարարութեան հաղորդագրութիւնները: «Կարծեմ հարցը գալիս էր ադրբեջանական աղբիւրից եւ պատասխանը ուղղուած էր ադրբեջանական աղբիւրին», արձագանգեց Մնացականեան: