Պսակաժահրին պատճառով մեր ինքնամեկուսացման ընձեռած ազատ ժամանակը մղիչ ուժ կը հանդիսանայ, չիրականացած երազներ կամ աշխատանքներ ներկայ կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ իրականացնելու:
Վարժարաններուն փակումէն անմիջապէս ետք, հայերէնի ուսուցչուհի Լիզա Մանոյեանի վարժարանին տնօրէնը բաժնեկցած էր անոր հետ Ալիք Արզումանեանին սկսած աշխատանքին տեսանիւթը (Ալիքը սկսած էր հայերէնով ընթերցել մանկական գրականութեան դասական գիրքեր): Այս բանը զինք տարած է տարիներ առաջ, երբ իր զաւակները փոքր էին եւ իրենց համար կ’ընթերցէր մանկական դասական գիրքեր՝ տեղւոյն վրայ հայերէնի թարգմանելով զանոնք: Ան անշուշտ հայերէն գիրքեր ալ կարդացած է, սակայն բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք, որ շատ սահմանափակ են անոնք, իսկ 20 տարի առաջ աւելի խեղճ պատկեր մը կը ներկայացնէր անոնց վիճակը: Նաեւ մանկական դասական գիրքեր թարգմանելը առօրեայ եւ բնութեան աշխարհին վերաբերող բառապաշարի անհաւատալիօրէն հարուստ հարթակ մը կը ներկայացնէ:
Լիզան առաջին գիրքը թարգմանած եւ ընթերցած է՝ զայն կայքէջի վրայ տեղադրելուն օգտակար հանդիսացած արհեստագիտական նրբութիւններուն աւելի ծանօթ իր զաւակներուն աջակցութեամբ. առաջին տեսանիւթը մէկ ամսուան ընթացքին ունեցած է 650 ունկնդրողներ:
Լիզան խոստացած էր ամէն գիշեր հատ մը տեղադրել, եւ այսպէս՝ ցարդ թարգմանած եւ տեղադրած է 32 գիրքեր՝ ըլլան անոնք օտար կամ հայ հեղինակներու գործեր: Զայն աւելիով խանդավառած են աշխարհի զանազան շրջաններէ եկած պատգամները եւ խրախուսական խօսքերը: Նախ անոր նպատակը իր անմիջական շրջանակին՝ իր պաշտօնավարած վարժարանի աշակերտներուն, զարմիկ-զարմուհիներուն զաւակներուն եւ բարեկամներուն թոռնիկներուն օգտակար ըլլալն էր, բայց երբ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ուսուցչուհիներ եւ ծնողներ կապ հաստատած են անոր հետ՝ արտօնութիւն առնելու այս կայքէջերը բաժնեկցելու, ան աւելիով համոզուեցաւ, որ իրապէս կարիքը ունինք արեւմտահայերէնով նմանօրինակ էջերու:
Լիզան իր նպատակը իրականացած կը համարէ՝ իմանալով, որ Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքի շաբաթօրեայ վարժարանը, ծննդավայր Լիբանանի մէջ իր յաճախած վարժարանը եւ Քալիֆորնիոյ առնուազն հինգ վարժարաններ իրենց դասերու ծրագիրներուն մէջ ներառած են իր տեսանիւթերը: Ան կը յայտնէ, թէ այնքան ատեն որ կարողութիւնը ունի թարգմանելու եւ տեղադրելու այս տեսանիւթերը՝ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, յուսալով, որ մանկական այս գիրքերը, որոնք կը պատկանին իր զաւակներուն եւ տասնեակ տարիներ չգործածուելէ ետք դարձեալ արեւ տեսնելով՝ կ’օգտագործուին, չեն վերջանար նախքան այս ինքնամեկուսացման դրութեան աւարտը:
Լիզա Մանոյեանի ներկայացուցած հեքիաթներուն YouTube-ի հասցէն է՝ https://www.youtube.com/results?search_query=Liza+Manoyan։
Ունկնդիր մը