ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հեռաձայնային զրոյցը Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի Տի Մայոյի հետ:
Նախարար Մնացականեան հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ զօրակցութիւն յայտնեց Իտալիոյ բարեկամ ժողովուրդին՝ «Քորոնա» ժահրի մարտահրաւէրները արդիւնաւէտ կերպով հասցէագրելու եւ զայն շուտափոյթ յաղթահարելու աշխատանքին:
Նախարար Մնացականեան իտալացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց «Քորոնա»ի կանխարգիլման եւ վերջինիս ընկերային-տնտեսական հետեւանքներուն մեղմացման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը եւ իրականացուող ծրագիրները։
Համավարակին դէմ պայքարին եւ անոր հետեւանքներուն վերացման պարունակին մէջ, արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակեցին միջազգային համագործակցութեան նոր նախաձեռնութիւններու շուրջ:
Անդրադառնալով երկկողմանի օրակարգի հարցերուն՝ նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստանի համար յատուկ նշանակութիւն ունի հայ-իտալական քաղաքակրթական ընդհանուր արժէքներուն վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացումը: Այս պարունակին մէջ արտաքին գործոց նախարարները դրական գնահատեցին Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը: Ուղենշուեցան երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու եւ ընդլայնելու ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը:
Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակի մը: