ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- 24 Ապրիլին, Փեթախ Թիքվա քաղաքին մէջ, Իսրայէլի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, տեղական քաղաքային իշխանութիւններու արտօնութեամբ կառուցուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշարձանի կառուցման յանձնախումբէն քանի մը անդամներու կողմէ:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին հետեւանքով, անմոռուկ ծաղիկի տեսքով յուշարձանին բացման պաշտօնական արարողութիւնը չկատարուեցաւ։
Միւս կողմէ, Իսրայէլի յայտնի The Jerusalem Post օրաթերթը Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Չճանչնալը Աններելի Է» վերնագիրով յօդուած մը հրապարակեց: Թերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի բազմաթիւ առաջնորդներ պատմութեան տարբեր փուլերուն հրապարակայնօրէն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց իբրեւ ազգ, հրէական պետութիւնը կը հրաժարի այդ քայլը կատարելէ։
«Իսրայէլ չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ քայլերու չի ձեռնարկեր այդ օրը յիշատակելու որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան օր: Փաստացիօրէն, Քնեսեթը ոչ մէկ անգամ յաջողած է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տարբեր քաղաքական շահերու պատճառով», կը գրէ թերթը: