ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, Կլենտէյլի քաղաքապետարանին կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանրային ձեռնարկին փոխարէն տեղի պիտի ունենայ համացանցային ոգեկոչում մը 23 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ։
Պիտի ցուցադրուին նախորդ տարիներուն քաղաքին «Ալեքս» սրահին մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկներէն հատուածներ, եւ պատգամներ պիտի փոխանցեն Կլենտէյլի քաղաքապետ Վրէժ Աղաճանեան ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Արա Նաճարեան, Փօլա Տիվայն, Արտաշէս Քասախեան եւ Տենիըլ Պրոթմըն։
Ոգեկոչումը պիտի սփռուի քաղաքին GTV6 կայանէն (Spectrum-ի թիւ 6 եւ AT&T-ի թիւ 99) , ինչպէս նաեւ Facebook.com/MyGlendale, Instagram.com/MyGlendale/Channel եւ YouTube.com/MyGlendale կայքէջերուն վրայ։
Նաեւ, Ապրիլ 24ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, GTV6 կայանէն պիտի ցուցադրուի Սթեֆընի Այանեանի պատրաստած վաւերագրական «What Will Become of Us» ֆիլմը։