ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 16 Ապրիլի յետմիջօրէին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 55 քաղաքացիներ եւս մահացած են գաւառին տարածքին, ինչ որ դարձեալ մէկ օրուան մէջ ժահրէն մահացողներու նոր մրցանիշ մըն էր գաւառին համար։
Միւս կողմէ, նոյն ժամանակահատուածին, արձանագրուած են վարակման 399 նոր պարագաներ, ինչ որ 69ով նուազ է մէկ օր առաջուան տուեալէն եւ կը նշանակէ, թէ այդ թիւը յաջորդական երկու օրերուն ընթացքին նահանջ արձանագրած է։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 10,854 վարակումներ եւ 455 մահեր, որոնց 88 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը անցած է 70,000ի սահմանը։