ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած զինուորներէն 6ը ապաքինած են եւ վերադարձած ծառայութեան: 13 Ապրիլին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետ Սահակ Օհանեան:
Առանց յստակ թիւեր տալու` Սահակ Օհանեան ըսաւ, որ ներկայ դրութեամբ «Քորոնա» ժահրէն բուժում ստացող զինուորներուն թիւը չնչին է: