ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2 Ապրիլին, Հայաստանի մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա»ով վարակուած անձերու 92 նոր պարագաներ: Այսպիսով, այս ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 663ի, արձանագրուած մահերուն թիւը՝ 4ի:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ 92ին կէսէն աւելին արդէն մեկուսարանի մէջ կը գտնուէին կամ մեկուսացուած էին, եւ կամ շփման մէջ` նախապէս հաստատուած դէպքերու հետ: «Ի հարկէ, կան նաեւ նոր օջախներ` յատկապէս դրսից մեր հայրենակիցների միջոցով բերովի, որոնք, մեր կարծիքով, բաւականին վաղ են յայտնաբերուել: Նրանց շփման շրջանակը թէեւ հիմա պարզւում է, սակայն, մեր կարծիքով, այնքան էլ լայն չէ», նշեց Թորոսեան՝ նոյն ատեն դիտել տալով, որ նկատի ունենալով թիւերը, պէտք է առաւել քան զգօն ըլլալ հիւանդութեան տարածումը կանխելու համար:
Նախարարը տեղեկացուց, որ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ առանձնացուած են սրահներ, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային՝ պիտի վերածուին «Քորոնա»ի դէմ պայքարող հիւանդանոցներու։ Ան շեշտեց, որ այսպիսի կարգավիճակի մը մէջ պէտք է պատրաստ ըլլալ հաւանական ամէն տեսակի զարգացումի։
Արսէն Թորոսեան ըսաւ նաեւ, որ կառավարութեան հիմնական հարցերէնէն մէկն է՝ պահպանել բժշկական մարզին մէջ աշխատողներուն առողջութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել անոնց կողմէ տրամադրուող ծառայութիւններու շարունակականութիւնը: Ան նշեց, որ ցարդ 3 բժիշկներ ու հիւանդապահներ վարակուած են ժահրով։