ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Աշխարհի մէջ մոլեգնող նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար աշխարհի տարածքին սկսած «Տունը մնալ»ու արշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Իտլիպի գաղթական երեխաները։
Սուրիոյ կառավարական ուժերուն եւ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ գործող ահաբեկիչներուն միջեւ շարունակուող բախումներուն պատճառով գաղթական դարձած երեխաները թուղթերու վրայ անգլերէնով գրած են․ «Stay home, I wish I can» («Տունը մնա՛, երանի ես ալ կարենամ»)։