ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատ յանձնախումբը կոչ ըրաւ Քաղաքապետական խորհուրդին, որ, հետեւելով այլ քաղաքներու օրինակին, «Քորոնա» ժահրին ստեղծած կացութեան պատճառով, տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող վարձակալներու արտաքսումը սառեցնելու որոշում տայ:
Դրուատելով քաղաքին իշխանութիւններուն կողմէ քաղաքացիներուն օժանդակելու նպատկով ցարդ որդոգրուած միջոցառումները, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, թէ աւելին պէտք է կատարուի՝ նեցուկ կանգնելու համար տնտեսապէս անապահով քաղաքացիներուն:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը, իր կարգին, համագործակցելով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղին, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղին եւ ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտին հետ, իր աջակցութեան ձեռքը կ՛երկարէ համայնքին:
Անհրաժեշտութեան պարագային՝ կարելի է դիմել admin@ancaglendale.org հասցէին կամ (818) 243-3444 թիւին: