ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց, որ, իր նախաձեռնութեամբ եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն համաձայնութեամբ, Մարտ ամսուան իրենց պարգեւավճարները պիտի փոխանցեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին նպատակով ստեղծուած գանձապետական հաշիւին։
«Մարտ ամսուայ համար տրամադրուելիք ԱԺ պատգամաւորի ամէնամսեայ պարգեւավճարները կը փոխանցենք կորոնավիրուսի համաճարակի դէմ պայքարի աջակցութեան նպատակով ստեղծուած գանձապետական հաշուեհամարին։
«Երէկ հնչեցրած առաջարկիս արձագանգելու համար շնորհակալութիւն եմ յայտնում ԱԺ բոլոր երեք խմբակցութիւնների, ինչպէս նաեւ խմբակցութիւններում չընդգրկուած պատգամաւորներին։
«Ուրախութեամբ տեղեկացայ նաեւ, որ պատգամաւորների մի մասն իրենց նախաձեռնութեամբ արդէն իսկ առանձին դրամական միջոցներ էին փոխանցել այդ հաշուեհամարին», նշեց Միրզոյեան։