ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Արցախի մէջ մինչեւ այսօր, «Քորոնա» ժահրը ունենալու կասկածով 13 քաղաքացիներէ փորձանմոյշ առնուած է եւ ուղարկուած տարրալուծարան՝ հետազօտութեան: Ներկայ դրութեամբ, 12 փորձանմոյշներու արդիւնքները բացասական են, մէկուն պարագային պատասխանը պիտի յստականայ շուտով:
Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը հանրապետութեան բնակչութեան տեղեկացուց, որ ցայսօր հանրապետութեան մէջ ժահրի վարակման դէպք չէ արձանագրուած եւ յորդորեց բնակչութիւնը չճշդուած տուեալներ չհրապարակել եւ ապատեղեկատուութիւն չտարածել: