ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ, 17 Մարտին արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրի 8 նոր պարագաներ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:
8 անձերէն ոմանք արդէն իսկ մեկուսացուած էին, իսկ միւսներուն յարաբերութիւններու շրջանակը կը ճշդուի: Անոնցմէ մէկը կապ ունի Էջմիածինի դէպքին հետ, իսկ միւս 7ն` «արտադրամասի»: «Այս պահին ունենք հաստատուած 72 դեպք, որոնցից 1ը՝ առողջացած», յայտնեց Թորոսեան։
Միւս կողմէ, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկողութեան եւ կանխարգիլման բաժինի բժիշկ-համաճարակաբան Լուսինէ Պարոնեան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերուն հետ կապ ունեցող բոլոր անձերը մեկուսացուած են, եւ անոնց կարգին են կարի արտադրամասի 500 անձեր։ «Իրենք անընդհատ կապի մեջ են լինում մեր հետ, մեր աշխատակիցներն էլ օրը մեկ անգամ զանգում ու ճշդումներ են անում իրենց առողջական վիճակի մասին», ըսաւ Պարոնեան: