ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Քորոնա» ժահրի ընդարձակ վարակին դէմ պայքարի ծիրին մէջ, Հայաստանէն եւ դէպի Հայաստան կատարուած կարգ մը թռիչքներ պիտի չկատարուին ժամանակաւորապէս։ Լուրը կը հաղորդէ «Հայաստանի Քաղաքացիական աւիացիայի կոմիտէն»:
Յատկապէս ջնջուեցան «Արմէնիա» ընկերութեան կողմէ Հայաստանէն դէպի Իրան օդային փոխադրութիւնները, «Ռայան Էյր»ը ջնջեց Հայաստանէն Իտալիոյ Հռոմ ու Միլան քաղաքներ եւ հակառակ ուղղութեամբ թռիչքները, «Աւիակոմպանիա Արմէնիա» ընկերութիւնը չեղեալ համարեց դէպի Թիֆլիս, Մոսկուա, Թէլ Աւիւ, Լիոն, Տոհա, Մինսկ, Շարմ Էլ Շեյխ եւ Վարշավա թռիչքները։ «Միտըլ Իսթ»ը դադրեցուց նաեւ դէպի Պէյրութ թռիչքները, իսկ «Սքայ Ափ Էյրլայնզ»ը՝ Քիեւ-Երեւան-Քիեւ թռիչքները։
Միւս կողմէ, այս կացութենէն մեկնած, Հայաստան որոշեց արգիլել աշխարհի 16 երկիրնեռու քաղաքացիներուն մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այդ երկիրներէն վերադարձող Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է ենթարկուին 14օրեայ մեկուսացման դրութեան։ Այդ երկիրներն են՝ Չինաստան, Իրան, Հարաւային Քորէա, Ճափոն, Իտալիա, Սպանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Զուիցերիա, Դանիա, Աւստրիա, Պելճիքա, Նորվեկիա, Շուէտ, Հոլլանտա եւ Մեծն Բրիտանիա։ Բայց պիտի չսահմանափակուի այդ երկիրներէն բեռնափոխադրումներ իրականացնող բեռնակառքերու վարորդին եւ փոխարինող վարորդին մուտքը Հայաստան։ Բացի այդ, օտար երկիրներէ վերադարձող բոլոր Հայաստանի քաղաքացիները պիտի մեկուսացուին 14 օրուան համար։