ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր վարչութեան ներկայացուցիչները 28 Փետրուարին հանդիպում մը ունեցան Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճես Թալամանթեսի հետ, խորհրդակցութիւններ ունենալով շրջանի հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ։
Քննարկուած հարցերուն մէջ էին՝ յարմար գիներով կամ վարձքերով բնակարաններու ապահովումը, թիւ 5 ազատուղիին վրայ շարունակուող նորոգութիւնները, 2020ի մարդահամարը եւ «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու ջանքերը, որուն համար Հայ Դատը առաջարկած է իբրեւ հանրային դաստիարակչական ներկայացումներու վայր նկատի ունենալ Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնը։
Այս նպատակով, Թալամանթես շրջագայեցաւ Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, մօտէն ծանօթանալով անոր կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ այդ պահուն այնտեղ տեղի ունեցող ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղին գործունէութեան։
Նշենք, որ Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդը կը պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հռչակագիր մը հրապարակելու 21 Ապրիլին։